Թադէոս Քհնյ. ՄխթարեանU xwIZ6jwgTXNn uf azRpl 6iZM23Ccp
| Թադէոս Քհնյ. Մխիթարեան | |
|---|---|
| Ծնած է | 1890 |
| Վախճանած է | 1966 |
Տ. Թադէոս Քհնյ. Մխիթարեան (1890-1966), աւաղանի անունով՝ Գէւորգ, որդի Յովհաննէսի, ծնած է Ատի Աման, 1890-ին։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իր ծնունդէն քանի մը ամիս ետք, ծնողքե տեղափովուած են Ուրֆա: Փոքրիկն Գէւորգ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ուրֆայի ծխական վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, նետուած է ազատ ասպարէզ եւ դարձած՝ կօշկակար։ Երբ կը պայթի Համաշխարհային Ա. Պատերազմը, Մըծ Եղեռնին ան կորսնցուցած է հարազատները եւ աղջկայ հագուստով ազատած ստոյգ մահէ։ Իր ընտանիքին միակ վերապրողը եղած է եւ գաղթականոգլեան դժոխային բոլոր տեսարաններուն ականատես դառնալով հասած է Հալէպ։
Հալէպի հայ գազթականաց պատասխանատուներու տնօրէնութեամբ անտէր ու որբ Գէւորգը հաստատուած է Հալէպի որբանոցը եւ դարձած՝ մեր ժողովուրդի մանկութիւն չունեցող դժբախտներէն մին։
Ան հաշտուելով իր սեւ ճակատագրին հետ բացուած է կեանքին ու ժամանակի ընթացքին դարձած է վարպետ կօշկակար։ Իսկ հետագային, իր նիւթական վիճակը քիչ մը բարելաւելէ ետք, ձերբազատուած է որբանոցէն ու կերտած իր կեանքը։
Իր կեանքի ենկերը կ՝ ըլլայ յովհաննէս եւ աննա Գազանճեաններու դուստրը՝ Զարուհին, որուն հեըտ պսակուած է Հալէպի մէջ, 1920-ին եւ ունեցած երեք զաւակներ՝ Արաքսի, Անահիտ եւ Մարի։
Իր եկեղեցասիրութիւնը ծառայութեամբ արտայայկելու համար, ան մտադրած է քահանայ դառնալ։ Բերիոյ Թեմի առաջնորդին ու Կրօնական Ժողովի բարեհաճ հաւանութիւնը պաշտօնապէս առնելէ ետք, պատրաստուած է քահանայական կոչման։
Գէւորգ քահանայ ձեռնադրուած է ձեռմամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի, 3 Դեկտեմբեր 1933-ին, հալէպի նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով տէր Թադէոս։
Քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լըանալէ ետք, Առաջմորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Իշխանութեան տնօրինումով կէր Թադէոս նշանակուած է հոգեւոր Հովիւ Եազուպիէ եւ սկսած է իր նոր հօտին մէջ քահանայագործել։ Ան հովուած է նաեւ Ղընէմիէի, Արամոյի, Ենքզիքի եւ Ճեսր-Շղուրի Հայ ընտանիքները։
Ան դերձակութիւն ընելով հնաւաղօրեայ հացը ապահոված է իր ընտանիքին։ Տէր Հայրը նիւթական այս դժուար պայմաններուն մէջ կրցած է տոկալ աւելի քան հինգ տարիներ։ Այդ օրըրուն, տէր Հօր Նիւթական վիճակը բարելաւելու նպատակով Կրօնական ժողովն ու Ազգ Իշխանութիւնը ոչ մէկ կարգադրութիւն ըրած են եւ խեղճ Տէր Հայրը ձգուած է իր բախտին։ Տէր Հօր կողմր Առաջնորդին ու Կրօնական Ժողովին յդուած բոլոր նամակները գրեթէ մնացած են անպատասխան։
Տարիներ ետք, իր չափահաս զա ակներուն հանդէպ հայրական իր պարտաւորութինը զինք ստիպած է, որ ընտանիքր Հալէպ տեղափոխէ։ Հետևւաբար, 1949-ին, էագուպիէի իր հօտէն ակամայ բաժնուելով հաստատուած է Հալէպ։ Այս անգամ ինգզինը գտած է նոր դժուարութիւններու առջեւ։ Առժամաբար քահանայագործած է Ս.Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ։ Այդ շրջանին Աեպիլի (Սրիան Պարագայի) Ս. Յակոր եկեղեցին մնայուն քահանայ չէ ունեցած։ Յետ բազում տառապանքներու, ի վերջոյ Ս. Յակոր եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ շրջանի աւելի քան 130 ընտանիքներու փափաքին ընդառաջելով, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեան 1952-ին Տէր Թադէոսր մնայուն հոգեւոր հովիւ նշանակած է Ս. Յակոր էկեղեցւոյ։ էւ թաղականութեան ու տիկնանցի ջանքերով ան դարձած է այդ շրջանի 130 ընտանիքներու ծխատէրը եւ զանոնք հովուած՝ մինչեւ 1962 թուական։
Եկեղեցւոյ օգտակար դառնալու նպատակով, մաէն տարի ինք անձամբ պատրաստած է Տեառընդառաջի մոմերը, իրեն օգնական ունենալով տիկնացի նուիրեալ անդամներէն՝ Տիկ. Էլիզ Տէրիկէօզեանը եւ հասոյթը յատկացուած է եկեղեցւոյ։
Տէր Թադէոս 1962 ապրիլին, կրօնական առաքելութեան ընթացքին ունեցած է ինքնաշարժի արկած, որբւն հետեւանքով դադրած է քահանայագործելէ աւէլի քան երեք տարի։
Հակառակ Բերիոյ Թեմի քահանայից դասուն համար արկածի դէմ ապահովագրութեան սնտուկի ու հանգստեան թոշակի դրուլեան հաստատուած չըլլալու, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի Թելադրութեամբ եւ Ազգ. Իշխանութեան տնօրինութեամբ՝ ամսաթոշակ վճարուած է ՏէրՀօր, արկածէն շրջան մը վերջ, այս վերաբերումը Ազգ. Իշխանութեան՝ իսկապէս գնահատելի երեւոյթ է, «Թէեւ ուշ, բայց անուշ»:
Ան յաւիտենապէս իր աչքերը փակած է աշխարհին 6 Յունուար 1966-ին։ Իր թաղման կարգին ու վերջին օծումը տեղի ունեղած են 8 Յունուար 1966-ին, Ս. Քառասնից Եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի ձեռամբ։
Մարմինը ամփոփուած է Հայոց Ազգ. Գերեզմանատան մէջ[1]:
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակյան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Պոստըն, էջ 405։